Հայ Կրթական Հիմնարկութիւնը Կ՛ամբողջացնէ Արթիկի Վարժարանին Նորոգութիւնը

ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Տասնամեակներէ ի վեր աննախանձելի վիճակի մէջ գտնուող Հայաստանի Շիրակ մարզի Արթիկ գիւղաքաղաքի թիւ 4 վարժարանը նոր տարին թեւակոխեց իրականացած տեսնելով իր վերանորոգութիւնը։

2019ին, Հայաստանի մէջ վարժարաններու նորոգութիւններու պատասխանատուն՝ Նշան Փիրումեան, ականատես եղաւ վարժարանին անխնամ եւ անապահով վիճակին, անոր մասին տեղեկութիւններ ստանալէ ետք վարժարանին տնօրէնուհիէն՝ Նունէ Գրիգորեանէն։ Այժմ, ան շնորհակալութիւն կը յայտնէ Հայ Կրթական հիմնարկութեան, որ նոր տարիէն առաջ կրցաւ ամբողջացնել նորոգութիւնները, կրթական աւելի լաւ պայմաններ երաշխաւորելով աշակերտներուն։

Նորոգուած 20 դասարաններով, տանիքով, պատուհաններով, դռներով, յատակով եւ արտաքնոցներով, վարժարանը այժմ ունի նաեւ նոր մարզադաշտ մը, գրատախտակներ, համակարգիչներ եւ դաստիարակչական այլ կենսական իրեր։

Փիրումեան կը տեղեկացնէ, թէ ապահով եւ աւելի լուսաւոր նոր վարժարանը Արթիկի մանուկներուն համար կրթական շատ աւելի լաւ պայմաններ ստեղծած է, աւելցնելով, որ այժմ կ՛ամբողջացուի նաեւ անոր մանկապարտէզին նորոգութիւնը։

Հայ Կրթական հիմնարկութեան ատենապետ Էլ Քապրալոֆ կը յայտնէ, թէ Հայաստանի, Արցախի եւ Ջաւախքի գիւղերուն եւ գիւղաքաղաքներուն պահպանումը կենսական են հայութեան համար ու այդ պատճառով հիմնարկութիւնը յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնէ անոնց։ Ան կ՛աւելցնէ, թէ շինարարութիւնը 230,000 տոլար արժած է եւ շնորհակալութիւն կը յայտնէ տէր եւ տիկին Փեթրիք եւ Ժագլին Պաղտասարեաններուն, որոնք 50,000 տոլար նուիրած են այս նպատակին։

Նշենք, Հայ Կրթական հիմնարկութիւնը հաստատուած է 1950ին, կրթանպաստներ տրամադրելու համար հայ ուսանողներու եւ կրթական հաստատութիւններու՝ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի տարածքին: Անիկա ցարդ 200էն աւելի վարժարաններ նորոգած է։

Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցել aef@aefweb.org կայքը։

Ընտրացանկ